921ի այս օրը, Յուլիս 12ին, Հայաստանի Հանրապետութեան ազատ ու անկախ վերջին տարածքն ու միջնաբերդը՝ Լեռնահայաստանը եւս ինկաւ Կարմիր Բանակի տիրապետութեան տակ։
Հայոց պատմութեան տխուր պահերէն մէկը կը խորհրդանշէ 12 Յուլիս 1921ը, որովհետեւ 98 տարի առաջ հայ ժողովուրդը իր ազատութեան եւ անկախութեան վերջին արծուեբոյնը եւս զիջեցաւ Հայաստանին պարտադրուած խորհրդային իշխանութեան։
Շատ բան գրուած է պատմական Հայաստանի Գողթան գաւառի եւ Սիւնեաց Աշխարհի՝ Ազատն Լեռնահայաստանի փառահեղ հերոսամարտին մասին։ Գրուած է ինչպէս օրին, Լեռնահայաստանի անկումին հետեւած տարիներուն՝ 1920ականներուն, նոյնպէս եւ վերջին քսանամեակին, երբ յատկապէս Զանգեզուրի անպարտելի Արծիւին՝ Գարեգին Նժդեհի մերօրեայ վերարժեւորման խորապատկերին վրայ, նորովի գնահատականը տրուեցաւ Հայաստանի հարաւային դարպասի հայացման եւ ազատագրութեան ունեցած փրկարար դերին հայոց նորագոյն պետականութեան արմատաւորման մեծ գործին մէջ։
28 Մայիս 1918ին նուաճուած Հայաստանի անկախութիւնն ու նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կրցան դիմանալ արտաքին ճնշումներուն եւ հարուածներուն դէմ յատկապէս Լեռնահայաստանի ազատագրումին շնորհիւ, որուն ձեռնարկեց վարչապետ Ալ. Խատիսեանի կառավարութիւնը 1919ի աշնան, երբ Զանգեզուր ուղարկեց Գարեգին Նժդեհը իբրեւ ընդհանուր հրամանատարը հայկական բանակի այն զօրամասերուն, որոնք կենաց-մահու կռիւ կը մղէին Հայաստանի հարաւ-արեւելեան սահմաններուն վրայ, թրքական եւ ազերիական կանոնաւոր բանակի եւ զինեալ խուժանի ասպատակումներուն դէմ։
Ապաւինած հայրենի լեռներուն ու իր ազատատենչ ոգիի զօրութեան՝ Սիւնիքի հայութիւնը, հայկական բանակի մարտունակութեամբ եւ Նժդեհի ղեկավարութեամբ, քաջաբար կռուեցաւ նախայարձակ թշնամիին դէմ եւ յաղթանակով պսակեց անհաւասար ուժերով մղուած իր դիւցազնամարտը:
Այդ ծանր օրերուն, թուրքն ու ազերին ձեռք-ձեռքի տուած կը փորձէին գրաւել Ղարաբաղն ու ամբողջ Լեռնահայաստանը՝ հարաւէն եւս պաշարելու եւ խեղդելու համար Հայաստանի Հանրապետութիւնը։ Համաթրքական սպառնալիքին վրայ գումարուած էր նաեւ հիւսիսի կարմիր վտանգը. 11րդ Կարմիր Բանակը շարժման մէջ դրուած էր՝ Անդրկովկասն ու Ցարական Կայսրութեան երբեմնի հարաւային սահմանները Ռուսաստանին վերադարձնելու եւ պոլշեւիկեան տիրապետութեան տակ դնելու առաքելութեամբ։
Բացայայտուած էր Լենին-Քեմալ մեղսակցութեամբ Հայաստանի անկախութիւնը կործանելու մեծ դաւադրութիւնը։ Օրհասական պայքարի մէջ էր ողջ հայ ժողովուրդը եւ ճակատագրական այդ մաքառումը ծնունդ տուաւ իր հերոսին՝ անզուգական Նժդեհին։
Իր զինուորական հմտութեամբ, կազմակերպչական տաղանդով եւ ոգեշունչ հռետորութեամբ, Նժդեհ յաջողեցաւ ստեղծել «ժողովրդական կուռ բանակ մը, որ պատրաստ էր իր հրամանատարի ձեռքի մէկ շարժումին անսալով կրակի մէջն անգամ նետուելու» (Աւօ, «Նժդեհ», էջ 210): Նժդեհ յղացաւ եւ իրագործեց Դաւիթբէգեան Ուխտեր ստեղծելու եւ անոնց միջոցաւ համաժողովրդական կռիւը յառաջ մղելու ծրագիրը։ Համաժողովրդական այդ ուժն էր, որ 1920ի Ապրիլէն եւ Ատրպէյճանի խորհրդայնացումէն սկսեալ ոչ միայն հերոսաբար դիմադրեց քեմալական եւ պոլշեւիկեան միացեալ գրոհներուն՝ զանոնք ետ շպրտելով, այլեւ՝ կրցաւ հիմնովին հայացնել ամբողջ Լեռնահայաստանը։
1920ի Օգոստոս 25ին, Կապանի Կաւարտ գիւղի եկեղեցւոյ մէջ, Նժդեհի զինուորները ուխտեցին Դաւիթ-բէգի անունով՝ «հաւատարիմ մնալ հայրենի երկրի ազատութեան, իրենց հրամանատար Նժդեհին եւ կռուել մինչեւ վերջին շունչը» («Արնոտ գիրք», Գորիս, 1921թ., էջ 33-34):
Այսպէ՛ս ծնունդ առին Դաւիթ-բէգեան Ուխտերը, որոնց նշանաբանն էր. «Յանուն հայրենիքի՝ Դաւիթ բէգաբար»:
Եւ երբ Դեկտեմբեր 1920ին Հայաստանի Հանրապետութիւնը տեղի տուաւ խորհրդայնացման ճնշումին առջեւ, Լեռնահայաստանը հռչակեց իր անկախութիւնը եւ մերժեց ընդունիլ խորհրդային իշխանութիւնը։ Աւելի՛ն. Նժդեհի առաջնորդութեամբ, հայկական ուժերը պարտութեան դառնութիւնը ճաշակել տուին Դենիկինի, Կոլչակի ու Վրանգելի բանակները ջարդած եւ «անպարտելի» հռչակուած 11րդ Կարմիր Բանակի հեծելազօրքի պետ Կուրոչկինին:
Ազատ ու անկախ Լեռնահայաստանը ներշնչման աղբիւր եւ քաջալեր ուժ հանդիսացաւ 18 Փետրուար 1921ի համաժողովրդական ապստամբութեան, որուն կողմէ իշխանութեան կոչուած Հայրենիքի Փրկութեան Կոմիտէն, Սիմոն Վրացեանի վարչապետութեամբ, մինչեւ Ապրիլ կրցաւ դիմադրել Կարմիր Բանակի վերադարձին՝ ապաւինելով Զանգեզուրի յաղթական մարտերուն։
Բայց աշխարհաքաղաքական մեծ խորապատկերով՝ այլեւս վճռուած էր անխուսափելի խորհրդայնացումը Հայաստանի։ Ապրիլ 1921էն սկսեալ, Հայրենիքի Փրկութեան Կոմիտէի գլխաւորութեամբ, Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը ստիպուեցաւ նահանջել Երեւանէն եւ Արարատեան դաշտէն դէպի Զանգեզուր, հոնկէ անցնելու համար Ատրպատական, Պարսկաստան։
Այդ օրերուն, 12 հազար գաղթականութեան (որուն 4 հազարը՝ զօրք) նահանջի պայմաններուն մէջ, Սիւնիքը շարունակեց իր յաղթական կռիւները եւ հռչակեց Լեռնահայաստանի Հանրապետութիւնը՝ սպարապետ Նժդեհի վարչապետութեամբ:
Յունիսի 1ին, Զանգեզուր անցած Հ. Հ. կառավարութեան նախաձեռնութեամբ, Լեռնահայաստանը յայտարարուեցաւ Հայաստան՝ Սիմոն Վրացեանին նշանակելով վարչապետ (Նժդեհը մնաց իբրեւ սպարապետ): Բայց Վրաստանն ու Հայաստանը փաստօրէն ինկած էին պոլշեւիկեան տիրապետութեան տակ։ Պարէնն ու հացահատիկը սպառած էին եւ Լեռնահայաստանի վարչական ու զինուորական ղեկավար մարմինները դժուարութիւն ունէին պաշտպանելու Զանգեզուրի հայութիւնը։ Այդ պայմաններուն մէջ, հաշուի առնելով, որ Հայաստանի պոլշեւիկեան ղեկավարութիւնը իր 1921 Յունիսի հռչակագրով Սիւնիքը պաշտօնապէս կցած էր Մայր Երկրին՝ Յուլիսին Լեռնահայաստանը իր կարգին տեղի տուաւ խորհրդայնացման առջեւ:
12 Յուլիս 1921ին, հեռանալով Զանգեզուրէն՝ Նժդեհ իր հրաժեշտէն առաջ վստահեցուց Լեռնահայաստանի հայութեան, որ ինք ընդմիշտ չի հեռանար եւ պիտի՛ վերադառնայ, եթէ Երեւանի փոխարէն Պաքուն դառնայ Սիւնիքի տէրը: Այդ իմաստով՝ յաղթական սպարապետը Խորհրդային Հայաստանի Յեղկոմին ուղղեց յատուկ պատգամ մը, որ կ’աւարտէր հետեւեալ սաստող տողերով.
-«Դուք գիտէք, որ ցանկութեան դէպքում ես միշտ էլ հնարաւորութիւն կ’ունենամ մի քանի տասնեակ զինուորներով վերագրաւելու Լեռնահայաստանը: Որպէսզի այս երկրի աշխատաւոր գիւղացիութիւնը ստիպուած չլինի մէկ էլ ինձ օգնութեան կանչելու, աշխատէք բաւարարել հայ գիւղացիութեան եւ նրա մտաւորականութեան արդար պահանջը» (Վ. Գէորգեան, «Լեռնահայաստանի հերոսամարտը», էջ 160):
98 տարուան հեռաւորութենէն, այսօր, դիւրին է հարցականի տակ առնել 12 Յուլիս 1921ի պատմական քայլին նպատակայարմարութիւնը։ Մանաւանդ վերջին 25ամեակին ուռճացաւ թիւը այն պատմաբաններուն եւ գաղափարախօսներուն, որոնք յապաղած իմաստութեամբ սուր քննադատութեանց եւ դատապարտանքի թիրախ դարձուցին Լեռնահայաստանը Կարմիր Բանակին յանձնելու այդ քայլը։ Խորհրդային սպառած արեւելումին նորօրեայ արձագանգը բերելով՝ ոմանք կը փորձեն փաստարկել, թէ ի սկզբանէ սխալ քայլ էր Կարմիր Բանակին դէմ զէնք բարձրացնելու Հայաստանի Հանրապետութեան որոշումը, «դաշնակների աւանտուրիզմ» կը հռչակեն Ազատ ու Անկախ Սիւնիքի ստեղծումը եւ Նժդեհը կը նկատեն գլխաւոր պատասխանատուն… եղբայրասպան արիւնահեղութեան։ Իսկ ուրիշներ, Դաշնակցութեան դէմ ինչ-ինչ հաշիւներով վարկաբեկման արշաւ մղելով, կը փորձեն ապացուցել, որ Նժդեհ իր ազատ կամքով չյանձնեց Լեռնահայաստանը, այլ պարզապէս ստիպուեցաւ գործադրել օրուան Հ.Յ.Դ. ղեկավարութեան անձնատուութեան որոշումը։
Այսինքն՝ երբ ատենի Հ.Հ. Ռազմական նախարար Ռուբէնի հրահանգով եւ հայկական բանակի զօրամասով Նժդեհ կ’ուղարկուէր Զանգեզուր եւ յաղթականօրէն յառաջ կը մղէր Լեռնահայաստանի հայացման ու ազատագրման պայքարը, այդ բոլորին մէջ բացառաբար Նժդեհի անհատական պատասխանատուութիւնը պէտք է շեշտել։ Իսկ հայացուած ու ազատագրուած Լեռնահայաստանի յանձնումը պէտք է վերագրել բացառապէս Հ.Հ. իշխանութեանց պարտուողական քաղաքականութեան…
Կ’անցնին այս օրերն ալ եւ վստահաբար կու գան հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան ամբողջական արժեւորման նուիրուած գաղափարախօսները, որոնք Յուլիս 12ի պատմական քայլը կ’արժեւորեն իր իսկութեամբ՝ թրքականին համեմատած խորհրդային լուծը իբրեւ չարեաց փոքրագոյնը ընտրելու հայ ազգային քաղաքականութեան դառն ու դաժան պարտաւորութիւնը։
Պատմական այսօրինակ ուսանելի պահ մը կը խորհրդանշէ 12 Յուլիս 1921ը։
yerkir.am