Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Մեծի Տանն Կիլիկիո Կաթողիկոսը կոչով դիմել է Մեծի Տանն Կիլիկիո Կաթողիկոսության թեմերին, որ համայնքների, կազմակերպությունների ու կառույցների գործուն մասնակցությամբ Արցախի ապաշրջափակման ուղղությամբ աշխատանքներ իրականացնեն։
«Արցախի պաշտպանութիւնը համահայկական անյետաձգելի հրամայական է այսօր. վաղը կրնայ ո՜ւշ ըլլալ:
Արցախի հայութիւնը ինքնորոշման իր հաւաքական կամքը բազմիցս արտայայտած է:
Արցախի հայութեան ինքնորոշման իրաւունքի պաշտպանութիւնը ու անոր ընկերատնտեսական բարօրութեան օժանդակութիւնը իւրաքանչիւր հայու եւ համայն հայութեան նուիրական պարտքն է:
Զօրաշարժի պէտք է ենթարկել մեր ժողովուրդի զաւակները, ի խնդիր Արցախի փրկութեան:
Արդ, կոչ կ՚ուղղենք Հայ Եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերուն, որ բոլոր համայնքներուն, կազմակերպութիւններուն ու կառոյցներուն գործօն մասնակցութեամբ, միացեալ ծրագրաւորումով ու հաւաքական աշխատանքով, իւրաքանչիւր թեմ իր տեղական պայմաններուն համապատասխան մօտեցումով, դիմէ հետեւեալ քայլերուն.
- Մեր ժողովուրդի զաւակներուն մօտ արծարծ պահել Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի պաշտպանութեան հրամայականը, որպէս համահայկական առաջնահերթութիւն:
- Արցախի ապաշրջափակման գծով ազդու միջոցներով լծուիլ քարոզչական աշխատանքի օտար շրջանակներէ ներս՝ պետութիւն, քաղաքական հասարակութիւն, կազմակերպութիւններ, մամուլ եւ այլն...:
- Նախաձեռնել Արցախի մեր զաւակներուն անմիջական կարիքներուն օժանդակութեան: Համակարգումի գծով շուտով տեղեակ պիտի պահենք մեր թեմերը:
Մենք մնայուն կապի մէջ ենք Արցախի իշխանութեան հետ եւ Արցախի ապաշրջափակման ուղղութեամբ Մեր աշխատանքները կը շարունակենք: Ազգային Կեդրոնական Վարչութիւնը մօտէն կը հետեւի Արցախի շուրջ տեղի ունեցող զարգացումներուն: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը պիտի մասնակցի Արցախի բարեկամներու Ֆորումին»,-շեշտել է վեհափառ հայրապետը։