Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին նախաձեռնութեամբ եւ հրաւէրով, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Հինգշաբթի, 15 Հոկտեմբեր 2020-ի յետմիջօրէին, տեղի ունեցաւ Արցախեան պատերազմի օրակարգով խորհրդակցութիւն, մասնակցութեամբ համասփիւռքեան գործունէութիւն ունեցող եկեղեցական, ազգային, կուսակցական եւ միութենական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն։
Վեհափառ Հայրապետը զեկուցեց Արցախեան պատերազմի հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին, հայկական սահմաններու պաշտպանութեան համար մղուող մարտերուն եւ անոնց առընթեր տարուող քաղաքական-յարաբերական աշխատանքներուն մասին։ Պատերազմի բռնկման առաջին օրէն սկսեալ Նորին Սրբութիւնը մնայուն հաղորդակցութեան մէջ է պետական եւ եկեղեցական գործիչներուն հետ՝ իրադարձութիւններուն հետեւելու եւ ըստ այնմ յատկապէս միջազգային ընտանիքի տարբեր կազմակերպութիւններու թուրք եւ ազրպէյճանական յարձակումը դատապարտելու առումով։
Հայրապետին զեկուցումին յաջորդեց քննարկում, որուն ընթացքին ընդգծուեցան հետեւեալ կէտերը.
Ա) Պատերազմը սանձազերծեց Ազրպէյճանը՝ Թուրքիոյ հրահրումով եւ անմիջական աջակցութեամբ եւ մասնակցութեամբ։ Թշնամին կը հարուածէ ոչ միայն զինուորական կեդրոններ, այլ նաեւ գիւղեր, քաղաքներ, եկեղեցիներ, դպրոցներ, հիւանդանոցներ եւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներ։
Բ) Հայոց բանակը բարձրագոյն նուիրումով եւ անսահման զոհողութիւններով կը շարունակէ դիմակայել թշնամիին յարձակումը Արցախի վրայ։ Ի գին հսկայական զոհողութիւններու հայոց մարտունակ բանակը, պահեստայիններն ու կամաւորները կը շարունակեն անառիկ պահել հայրենիքի միջնաբերդը։
Հայոց բանակը կը մարտնչի ոչ միայն Ազրպէյճանի, այլ նաեւ Թուրքիոյ եւ Թուրքիոյ ճամբով Ազրպէյճան հասած ահաբեկիչ ոյժերու դէմ, կանխարգիլելու համար հայ ժողովուրդին դէմ ի գործ դրուած ցեղային զտումի եւ ամբողջ տարածաշրջանին համար սպառնալիք հանդիսացող համաթուրանական ծրագիրը։ Կը պայքարի՝ թշնամիին պարտադրելու զինադադար եւ խաղաղութիւն։
Գ) Այս իրականութեան դիմաց անյետաձգելի հրամայական կը դառնայ Արցախի միջազգային ճանաչումը։ Իրաւաքաղաքական բոլոր պատճառները ամբողջացած են Արցախը իբրեւ անկախ հանրապետութիւն միջազգայնօրէն ճանչցնելու։
Համահայկական օրակարգի առաջին կէտը անհրաժեշտ է բանաձեւել՝ Արցախի միջազգային ճանաչումը, որուն համար մեր սփիւռքեան բոլոր կառոյցները անխտիր՝ եկեղեցական թեմեր, կուսակցութիւններ, միութիւններ եւ հասարակական կազմակերպութիւններ, համադրաբար մեր երկու պետութիւններու դիւանագիտական անձնակազմերուն, պիտի աշխատին իրականացնելու համար կարեւորագոյն այս առաջադրանքը։
Համահայկական մեր պահանջատիրական աշխատանքներուն մէջ կը բացուի նոր հանգրուան։ Բոլորս կ՚ուղղուինք դէպի Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչում։