Երէկ՝ բարեմիտ մրցանակ, այսօր՝ վատոգի դատավճիռ. Փաստագրուած հակադրութեան մը նոր մրցանիշ. «Զարթօնք»

06.02.2026 10:28
295

«Ուր որ թրքական կօշիկը կոխէ,  հոն խոտ չ’աճիր»: Վիքթոր Հիւկօ Փետրուար 4-ին եւ 5-ին հրապարակուած հաղորդումներուն համաձայն, Ապու Տապիի մէջ տեղի ունեցած դիւանագիտական իրադարձութիւններուն եւ Ազրպէյճանի մէջ կայացած դատական քայլերուն միջեւ կայ զարմանալի եւ փաստագրուած հակադրութիւն մը։

Արդարեւ, երէկ՝ Փետրուար 4-ին, Հայաստանի Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ Ազրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւը Ապու Տապիի մէջ «արժանացան» «Մարդկային Եղբայրութեան Զայէտ» 2026 թուականի մրցանակին:

Մրցանակը տրուեցաւ հակամարտութիւնը դադրեցնելու իրենց գործադրած ջանքերուն ճանաչումով, որուն ընթացքին երկու ղեկավարներն ալ յայտարարեցին, որ «հակամարտութեան էջը փակուած է»: Փաշինեան նշեց, որ արարողութիւնը կը հաստատէ խաղաղութեան համաձայնագիրը եւ յայտնեց, որ «խաղաղութիւնը միակ ճշմարիտ մխիթարութիւնն է» տարածաշրջանին համար:

Նշեալ զոյգը պատուուեցան խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու եւ «խաղաղութեան օրակարգը առաջ մղելու» իրենց «ջանքերուն» համար: Պէտք է յիշել, որ մրցանակը կը ներառէ $1 միլիոն տոլարի դրամական պարգեւ իւրաքանչիւր կողմին համար:

Արարողութենէն առաջ, երկու ղեկավարները առանձին հանդիպում մը ունեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ տարածաշրջանային կայունութիւնը քննարկելու համար:

Փետրուարի 5-ին զուգահեռ իրականութեամբ մը, Պաքուի մէջ   ցմահ դատավճիռներ արձակուեցան պատերազմի եւ հակամարտութեան իբրեւ հետեւանք գերեվարուած՝ Արցախի քաղաքական եւ ռազմական բարձրաստիճան ղեկավարներ:

Ապօրինաբար բանտարկուած ղեկավարներէն ցմահ դատապարտուածներուն կարգին են Արցախի նախկին Նախագահներ Արայիկ Յարութիւնեանը, նախկին Արտաքին Գործոց Նախարար Դաւիթ Բաբայեանը, Պաշտպանութեան Բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեանը, անոր տեղակալ Դաւիթ Մանուկեանը եւ Ազգային Ժողովի նախկին խօսնակ Դաւիթ Իշխանեանը։

Նոյն շինծու դատավարութեան ընթացքին, նախկին Նախագահներ Բակօ Սահակեանը եւ Արկադի Ղուկասեանը դատապարտուեցան 20 տարուան բանտարկութեան։ Աւելին, եօթը այլ հայ գերիներ դատապարտուեցան 15-էն 19 տարուան բանտարկութեան ժամկէտներու:
Հակառակ խաղաղութեան հռետորաբանութեան եւ Յունուար 2026-ին չորս հայորդիներու վերջերս ազատ արձակման, այսօր՝ նուազագոյնը 19, եւ գուցէ աւելի, հայեորդիներ կը մնան գերութեան մէջ՝ Պաքուի մէջ եւ այս տակաւին չհաշուած Արցախի բռնագրաւեալ բնակավայրերէն անյայտ կորածները:

Մարդկային իրաւունքներ պամտպանող խումբեր եւ իսկական հայրենատէր հայորդիներ դատավարութիւնները արդարօրէն կը նկարագրեն իբրեւ կեղծ ընթացակարգեր, մինչ  գերիները կը  բնութագրուին ոչ նուազ քան քաղաքական պատանդներ:

Անընդունելի է, որ նշեալ դատավճիռները տեղի կ’ունենան երկու երկիրներու պատասխանատու մարդկանց «եղբայրական յարաբերութիւններուն» եւ խաղաղութեան տօնակատարութիւններուն ֆոնին:

Թրքական (ազրպէյճանական) բառքերու շատ յարիր սոյն ընթացքը, եթէ հասկնալի երեույթ է թուրքը լաւ ճանչցողին համար, խաղաղութիւն մուրացող հայկական կողմին այս ընթացքը, ոչ միայն անընդունելի է, այլ դավաճանութիւն է, եւ ինչու չէ, սահմանադրական կոպիտ խախտում երբ տուեալ ինքզինք յարգող պետութեան մը նուազագոյն պարտականութիւնն է իր քաղաքացիներուն իրաւունքներուն տէր կանգնիլ, ուր ալ գտնուին անոնք:

Շատ մը քաղաքակիրթ պետութիւններու անցագիրը իր առաջին էջին վրայ, իր պետութեան անունով, վեր ի վարոյ հետեւեալը նշելով կը պահանջէ առ որ անկ է, «թոյլ տալ տուեալ անձին անարգել անցնի, առանց արգելքի կամ խոչընդոտի, եւ տրամադրել այնպիսի օգնութիւն եւ պաշտպանութիւն, որոնք կրնան անհրաժեշտ ըլլալ»։

Սոյն ընդհանրական ուղերձը սակայն, իրողութեան հետ ոչ այնքան անհամապատասխան ժողովրդական որոշ չափով չափազանցուած մեկնաբանութեան մը առաջնորդած է, օրինակ Մեծն Բրիտանիոյ պարագային որուն, ըստ ժողովրդային մեկնաբանութեան, «Մեծն Բրիտանիոյ Միապետը պատրաստ է իր նաւատորմիղը շարժելու իր մէկ քաղաքացին պաշտպանութեանը համար»…:

Մինչ ըստ ընդհանրական ընկալումի, ուրիշներ պատրաստ են իրենց քաղաքացիին կամ ազգակիցին համար նաւատորմիղ շարժելու, մեր իշխանութիւնները, այս խայտառակ ընթացքով իրենց ի՞նչն է, որ կը շարժեն արդեօք….:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

«Զարթօնք» օրաթերթի Գլխաւոր խմբագիր
 

ՀԱՊԿ-ը ռազմական ոլորտում Հայաստանի հետ չի համագործակցում. ՌԴ ԱԳՆ

24.08.2026 23:02

Մեդվեդև․ Հայաստանը երբեք չի անդամակցի ԵՄ-ին, բայց կփչացնի հարաբերությունները ՌԴ-ի հետ

24.08.2026 20:03

Սիսիանի զորամասերից մեկում մահացած զինծառայողը 2 երեխա ունի. հայտնի են այլ մանրամասներ

24.08.2026 20:00

Ժիրայր Աղավելյանի նոր գիրքը՝ «Կանթեղներ»

24.08.2026 17:18

Թող նզովյալ լինեն Արցախն ու արցախահայերին ատող բոլոր պիղծերն ու անօրենները․ Տեր Վրթանես

24.08.2026 17:04

Այսօր կրկին զոհ ունենք բանակում

24.08.2026 16:37

Հաղորդում հանցագործության մասին․ այս անգամ խոսքը Գորիսի քոլեջի տնօրեն Արմինե Կոլյանի կողմից կատարված սուտ մատնության մասին է

24.08.2026 14:21

Փաշինյանը պարզաբանել է, թե ինչու է ժամանակին արել «Արցախը Հայաստան է, և վերջ» հայտարարությունը

24.08.2026 12:51

Նշվեց Քաջարան քաղաքի օրը

24.08.2026 12:35

Տնտեսական պատերազմի շարունակման դեպքում նավթ չի արտահանվի Հորմուզի նեղուցով կամ Պարսից ծոցի որևէ այլ հատվածով. Ռեզայի

24.08.2026 11:42

Գեղանուշի պոչամբարը շրջանցող թունելը կվերանորոգվի

24.08.2026 11:38

Սուրեն Վարդանյան. կյանք՝ հյուսված հայրենի բնաշխարհի ազդեցությամբ

24.08.2026 10:38