Այսօր Արեւմտեան Հայաստանի նախագահական խորհուրդը, Ազգային խորհուրդը, Կառավարութիւնն ու Արեւմտեան Հայաստանի Խորհրդարանը ցաւով տեղեկացան Մկրտիչի եւ Երջանիկի որդի՝ Պարոն Արդէն Շելլեֆեանի մահուան մասին:
Արդէն Շելլեֆեանը՝ արմատներով Մուշէն, ծնած է 25 Սեպտեմբեր 1951թթ եւ մեծցեր է Պոլիսոյ մէջ: Աւարտեր է Զուիցերիոյ Լոզանի համալսարանը: Ան ունէր տնտեսագիտութեան դոկտորի աստիճան եւ իր գիտելիքներով կ’օգնէր աշխարհի տարբեր ֆինանսական եւ արտադրական ընկերութիւններուն: Ան աւելի քան 12 տարի Ժընեւ գտնուող «Ֆրանկ Միւլլեր» ընկերութեան գլխաւոր խորհրդատուն եղած է, ինչպէս նաեւ «Արցախբանկ»-ի տնօրէններու խորհուրդի անդամ եւ նախագահ:
Արդէն Շելլեֆեանը եղած է Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահական խորհուրդի անդամ, Արեւմտեան Հայաստանի պետական հեռուստատեսութեան հիմնադիր: Ան իր ամբողջ կեանքին ընթացքին նուիրուեր է հայ ժողովուրդի իրաւունքները վերականգնելու եւ Արեւմտեան Հայաստան պետութեան ինքնիշխանութիւնն ու իրաւունքները պաշտպանելու գործին:
MITANNI հիմնադրամի նախագահ Արդէն Շելլեֆեանը հայ ազգի հնագոյն պատմութեան վերաբերեալ բազմաթիւ գիրքերու նախաձեռնողն էր: Անոր համար գլխաւորը եւ հիմնական մտահոգութիւնը եղած է հայ ժողովուրդի պատմական ճշմարտութեան վերականգնումը:
Արդէն Շելլեֆեանը, տնտեսագէտ, մտաւորական, պատմաբան, պոլիգլոտ, իրաւապաշտպան, պետական գործիչ, ջերմեռանդ պաշտպան եւ ուղղակի մարդ’ Արեւմտեան Հայաստանէն, ով յանկարծակի լքեց մեզ: Երկու օր առաջ ան դեռ կ’աշխատէր Սեւրի պայմանագիրի հարիւրամեակը կազմակերպելու աշխատանքներուն վրայ:
Այսօր Արեւմտեան Հայաստանի նախագահական խորհուրդը, Ազգային խորհուրդը, Կառավարութիւնն ու Արեւմտեան Հայաստանի Խորհրդարանը միասնականօրէն իրենց ցաւակցութիւնը կը յայտնեն հանգուցեալ Պարոն Արդէն Շելլեֆեանի կնոջը, երեխաներուն, անոր ամբողջ ընտանիքին եւ մտերիմներուն:
Արդէն Գրիգոր Շելլեֆեան’ հանգչի՛ր խաղաղութեամբ: Մինչ նոր հանդիպում Արդէն:
Արմենակ Աբրահամաեան
Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ