Պողոս Տեր-Դավթյանի մասին (ըստ Վարդան Գևորգյանի «Լեռնահայաստանի հերոսամարտը (1919-1921)» գրքի)

18.07.2022 14:00
2712

Վարդան Գևորգյա. ծնվել է Տրապիզոնում 1893 թ., 1911-14թթ. ուսանել է Սորբոնի համալսարանում, 1914-18թթ. պաշտոնավարել է Կահիրեի Գալուստյան վարժարանում, ապա ստանձնել Պոլսո ազգային որբանոցի տեսչությունը: Որոշ ժամանակ ապրել է Բուխարեստում, ապա՝ Լիբանանում, որտեղ մինչև 1928թ. աշխատել է Բեյրութի ազգային Ս. Նշան վարժարանում: Այնտեղ  հիմնել է տպարան, հրատարակել գրքեր, հեղինակել դասագրքեր, խմբագրել Բուենոս Այրեսի «Արմենիա» օրաթերթը:

«Լեռնահայաստանի հերոսամարտը» մենագրությունը հայ պատմագրության հազվագյուտ, հիրավի կոթողային արժեք ներկայացնող այն գրքերից է, որոնք պատմականորեն հավաստի են, փաստագրությամբ՝ առատ:

Գրքում ամփոփված է 1919-21թթ. լեռնահայաստանյան իրադարձությունների տարեգրությունը: Գրքում հանդիպում ենք բազմաթիվ դրվագներ Պողոս Տեր-Դավթյանին առնչվող, որոնք կարևոր են Պողոսի կյանքն ու գործունեությունն ուսումնասիրողների համար, որոնք էլ ներկայացնում ենք ստորև:

***

 

Հոկտեմբեր 16-ին Զանգեզուրի գաւառի Կոռնձոր գիւղին մէջ իբրեւ հակամեծամասնական կը գնդակահարուին 13 հայ բանտարկեալներ:

Ռումբերու տարափով կը յառաջանար ահա կարմիր բանակը, որ կը կռուէր Ասկիւլում-Ղզլդաշ-Ինջաբէլ գծի-այսինքն Ղափանի հիւսիս-արեւելեան ամբողջ սահմաններուն վրայ:

Իր ձախ թեւը Ճակատէն գիւղի դէմ սկսած ձախող յարձակումէ մը վերջ, ծեծուած ու պարտուած՝ ետ կր քաշւէր:

Կեդրոնը՝ գրաւելով Արծուենիկ գիւղը, կաշխատէր օգտուիլ իր ժամանակաւոր յաջողութենէն։

Աջ թեւը մխրճուած Ղափանի եւ Տաթեւի միջեւ, կը ջանար գրաւել Խոտանան գիւղը:

Կեդրոնէն կը ռմբակոծեն երկու թնդանօթներ:

Թեւերուն վրայ քառասունի չափ գնդացիրներ կը գործեն անդադրումորէն:

Կռուի երկրորդ օրը, 17 հոկտեմբեր, Նժդեհ դէպի Ինջաբէլ հետեւեալ հրահանգը կը ղրկէ.

«Խուսափիլ ցերեկւայ գրոհներից եւ զոհեր տալուց. ընդունել մուրճ եւ ոստայն ձեւը եւ սպասել ինձ: Ձեզ մօտ կը լինեմ մի ժամէն»:

Վաշտապետ Կ-ի ղեկավարութեամբ զօրախումբ մը թշնամիին թիկունքը անցնելու համար Գետաթաղի բարձունքներով կը շարժի դէպի Տափասար:

Որոշեալ ժամուն Նժդեհ կը գտնուի Ինջաբէլ:

Տրուած մարտագրին համաձայն, հոկտեմբեր 18-ի լուսաբացին, ուժանակային գրոհով մը Խոտանանի զօրասիւնը շփոթի կը մատնէ հակառակորդ ուժերը՝ Ինջաբէլի ամբողջ ճակատին վրայ: Նոյն ժամուն վաշտապետ Կ-ի զօրախումբը թեւանցային շարժումով մը Տափասարէն կը հարուածէ թշնամին թեւէն ու թիկունքէն: Գրեթէ նոյն ատեն կապ պահելով, Տաթեւի կողմէն թշնամին կը հարուածեն Պօղոս Տէր-Դաւիթեանն ու սպայ Տէր-Պետրոսեանը:

Կռուի ընթացքին մեծամասնական ուժերու մէկ մասը անձնատուութեան կը դիմէ, իսկ մնացած մասը կը նահանջէ խուճապահար: Նահանջող թշնամին կը հետապնդուի տեղակալ Տէր-Դաւիթեանի ուժերէն: Իրենց կարգին            Ղափանի հետեւակ վաշտերը մեծ խանդավառութիւնով կը սուրան դէպի Արծուենիկ: Այդ ճակատին վրայ կռուող մեծամասնական 84-րդ բրիգատան թեթեւ դիմադրութենէ մը վերջ՝ կը յանձնուի, գրեթէ ամբողջովին:

Հոկտեմբեր 18-ին Կապարգողթի սահմաններուն վրայ մեծամասնական ուժերու հետքը չէր մնար:

Յաղթական հայ վաշտերը բազմաթիւ գերիներով, ձեռք ձգած գնդացիրներով, հրացաններով, հեռախօսային  գործիքներով խրամաշինութեան վերաբերեալ կազմածներով ու դրօշակներով կը վերադառնան դէպի հանքերը, տօնելու Սիւնիքի ժամանակակից պատմութեան մէջ փառքի շքեղ էջ մը գրկող իրենց այս նոր յաղթանակը:

Կռիւը շահուած էր հայերու կողմէ գրեթէ ոչ մէկ մարդկային զոհի:

 

Մեծամասնական ուժերու պարտութենէն ետք, Բագու հրատարակուող «Կրասնիյ Աւանկարգ» թերթը «ՀԶՕՐ ԶԷՆՔ - ՄԵՐ ԿՌՈՒԻ ՁԵԻԸ» խորագրին ներքեւ այսպէս կարտահայտէր.

«Արեւելքի մէջ յայտնուած է կրտսեր քոյրը մեծ դաշնակիցներու – Արեւելեան համաձայնութիւնը, Հայաստանի, Վրաստանի, Ռումանիոյ եւ Յունաստանի բուրժուազիաներն են կազմած այդ դաշնակցութիւնը, որպէս զի խեղդեն ծաւալւող յեղափոխական շարժումը արեւելքին մէջ: Արեւելեան համաձայնութեան անմիջական ներկայացուցիչներէն մէկը աւազակապետ Նժդեհն է, որ իր բանակը կազմած է ազգային ատելութեամբ լեցուած հայերէ: Մինչդեռ, Նժդեհը Զանգեզուրի լեռներուն վրայ աւազակութեամբ կզբաղուէր, Կարմիր  սուինները փախցուցին ուրիշ գայլ մը՝ Դրօն:

Ընկեր կարմիրները պէտք է ամուր սեղմեն իրենց հրացանները եւ քշեն սեւ գայլ Նժդեհին:

Կարմիր բանակի հանդէպ խորամանկ եւ յամառ թշնամի Նժդեհը, Դրօն եւ այլ հին գայլերը, լաւ գիտեն զինուորական գործը: Ուստի եւ այդ ապստամբներու դէմ անհրաժեշտ է մեծ ուժ, ջարդելու համար անոնց հրոսակախումբերը: Նոյն ատեն մենք պիտի չմօռնանք, որ ապստամբներու յաջողութիւնը մեծապէս կախուած է ազգաբնակչութեան տրամադրութիւներէն: Ահա թէ ինչու կարմիր բանակը, թշնամիին կենդանի ուժերը խորտակելէ զատ, պիտի ձգտի ժողովուրդը ըմբոստացնել, թշնամացնել ապստամբութեան ղեկավարներուն դէմ»:

Պարտուած մեծամասնական զօրքը օգնութեան հասնող նոր ուժերով կրկին կը մօտենար Զանգեզուրի սահմաններուն:

Անձկութեան օրերու մէջ էր Եայջին, որ պաշտամունքի հասնող հաւատքով մը օգնութիւն կը խնդրէ Նժդեհէն.

«Հայաստանի միակ մխիթարիչ քաջդ Նժդեհ, Ձորերի եւ Եայջու թափառական ժողովուրդը աչքերն չռած է դէպի արեւելք թէ արդեօք կը տեսնե՞նք արեգակի ճառագայթները: Ոչ մի տեղից փրկութիւն չկայ: Մի գլուխ է հարկաւոր, որ մեզ փրկէ այս փոթորիկից: Հասիր, ով Սուրբդ Սարգիս, հայրենիքը տապալման վրայ է: Մնաց՝ քոնն է, պարծանքը:     Յոյսներս դուք էք, յոյսներս մի կտրէք:

Գիտենք որ այդ տեղ էլ թուխպ է: Ուրեմն, ատենահաս հասէք, կարճ ժամանակով, էլի կը գնաք ձեր սիրեցեալ Ղափանը»:

Կարմիր զօրքերը հոկտեմբեր 20-21 անցնելով Եայջի եւ Անգեղակոթ՝ վերջնագիր կը ներկայացնեն բնակչութեան՝ զինաթափութիւն պահանջելով, հակառակ պարագային կը սպառնան «հիմնահատակ կործանել գիւղերն եւ բոլորին սրի քաշել»: Մինչ այդ սիսեանցիք առաջնորդութեամբ իրենց քաջարի ղեկավար Պօղոս Տէր-Դաւիթեանի՝ Անգեղակոթի վրայ բուռն յարձակումով մը կը ջարդեն մեծամասնական  ուժերը եւ կը վանեն մինչեւ Ղարաքիլիսէ: Թշնամին յանկարծակիի բերելու նպատակով Տէր-Դաւիթեան կողմնակի ճամբով կը գրաւէ Եայջին՝ ուրկէ կը անցնի Տաթեւ, հրամանատար Նժդեհի հետ կապ պահելու համար: Մալտաշի մէջ կրկին կռուի կը բռնուի մեծամասնական ուժերու հետ, զոր վերստին պարտութեան կը մատնէ ու գրաւելով բաւականաչափ ռազմամթերք՝ կ՛անցնի Խոտանան եւ կը միանայ Նժդեհին:

                       

                   Կուրոչկինի հեծելազօրքը Զանգեզուրի էջ

Մեծամասանական 28-րդ զօրաբաժնի պարտութենէն յետոյ հիւսիսային Կովկասէն օգնութեան կը հասնի ԺԱ. բանակի հերոս հռչակուած հեծելազօրքի հրամանատար յայտնի Կուրոչկինը:

Զանգեզուր-Գորիսի ազգաբնակչութիւնը սարսափի ներքեւ պահելու եւ հեծելազօրքի կարմիր հրամանատարին համբաւը տարածելու նպատակով՝ Զանգեզուրի եւ Ղարաբաղի խորհրդային Կոմիսար Ղարագէօզեան յետակայ ազդարարութիւնը կ՛ընէ հայերուն.

«Զգոյշ, սրան Կուրոչկին կասեն, որը կատակ չի սիրում. սա է ջարդել Դենեկինին, Կոլչակին եւ շատերին, կը տեսնէք այսօր վաղն էլ Նժդեհի եւ Ղափանի փոշին քամուն կը տայ»:

Գորիսի մեծամասնականները ցնծութեան մէջ էին, դէպք մը սակայն կը վրդովէ քիչ մը տրամադրութիւնները։ Հարիւրի մօտ կօզակներ կը հրաժարին  Նժդեհի դէմ կռուելէ: Քաղաքի յեղափոխական կոմիտէն ըմբոստներու այդ քայլը համարելով «Հակայեղափոխական», կը գնդակահարէ անոնց կէսէն աւելին:

Մօտ 1800 ձիաւոր, մարզուած   եւ կռուելու ընդունակ կարմիր հեծելազօրքը կը շարժի առաջ:

Հեծելազօրքին կը միանան նաեւ մեծամասնական 88-րդ եւ 84-րդ բրիգատաները, ինչպէս եւ 1200 հոգի նախկին թուրք գերիներէ կազմուած հետեւակազօրաց գունդ մը. « Որ չի դաւաճաներ իր պատմական դերին, կը պղծէ հայ ընտանիքի  պատիւը, կը վիրաւորէ հայ ազգային արժանապատուութիւնը, ոտքի տակ կու տայ ամէն սրբութիւն եւ կը թալանէ գիւղերը»։

Հետախուզական երկու կողմի խմբակներու առաջին բաղխումը տեղի կունենայ 1920 նոյեմբեր 3-ի լուսաբացին:

Նոյն օրը, ժամը 10-ի մօտերը, Կարմիրներու աջ թեւը յախուռն յարձակողականի մը կսկսի. Նժդեհի ուժերը կը մնան պաշտպանողական դիրքի վրայ:

Կուրոչկին անծանօթ հրամանատար Նժդեհի ռազմավարական խաղերուն, միշտ կը յառաջանայ եւ անընդհատ խտացնելով իր շարքերը կը լեցուի ձորերու մէջ:

Իր խափուսիկ նահանջին վերջ կու տայ այլեւս հայ զօրքը: Կը գոռան պայթուցիկ տակառները մահ սփռելով թշնամի շարքերու մէջ:

Դժնդակ պայմաններու մէջ՝ անձնատուր կ'ըլլայ մեծամասնական բանակին աջ թեւը:

Կռուի երկրորդ օրը պարտութեան կը մատնուի նաեւ ձախ թեւը: Կեդրոնը մեծ կորուստներով կը նահանջէ դէպի Շուռնուխ:

Ջախջախուած զօրամասերու բեկորները իրենց ամօթը ծածկելու մտածումով գիշերանց կը մտնեն Գորիս:

Իր պարտութեամբ մեծամասնական     Կապարգողթի ուժերուն ձեռքը կը ձգէր 500 գերի, 24 գնդացիր, հրացաններ, ռազմամթերք, հացի պաշար եւ պատերազմական զանազան իրեր:

Կռուի ամբողջ տեւողութեան հայերը կունենան միայն մէկ սպանուած եւ երկու վիրաւոր:

Այս յաղթութիւնները ցնծութեամբ կը լեցնեն ժողովուրդին դին հոգին, մամուլը իր կարգին արձագանքը կ՛ըլլայ անոր խանդավառ զգացումներուն։

Այդ առթիւ «Այգի» մէջ կը կարդանք.

«Ողջոյն Ղափանի Գործադիր Մարմնին եւ Գենուազի Փրկութեան կոմիտէին, որ սկիզբէն մինչեւ վերջը, անյողդողդ ու հաւատարիմ մնացին ժողովուրդին տուած իրենց ուխտին։

Ողջոյն, բիւր ողջոյն քեզ, Ղափան-Գենուազ-Գողթանի եօթն անգամ սիրած հրամանատար հերոս Նժդեհ, բեղմնաւոր էին քու ցանած սերմերդ, եւ ատոնք եղան անոնց տուած պտուղները։

Դուն ես ու կը մնաս Ղափան-Գենուազ պատմութեան մէջ «երկրորդ Դաւիթ-Բէգ», «Աժդահա փաշա», եւ ամէն կռուի յաղթող «Փատիշահ», տիտղոսներ, որ տուաւ քեզ պաշտելու չափ սիրող զինուորութիւնն ու ժողովուրդը»։ «Ղափանի հերոսական կռիւները եւ Նժդեհի քաջանուն գործերու արձագանքը կը տարածուի ամենուրեք, ճնշուած գիւղացիութիւնը իր փրկութեան միակ լոյսը կը դնէ այդ անձնազոհ հայրենասէրի անխորտակելի եւ անհողդողդ կամքին վրայ: Ղափանի շրջանի մօտ գտնուող Զանգեզուրի գիւղերը իրարու ետեւէ գլուխ կը բարձրացնեն, առաջին օրինակը կու տայ Տաթեւը, որ ապստամբութիւն կը հռչակէ, առաջնորդութեամբ հրամանատարին սպաներէն մէկուն։

 Նոյեմբեր 12-ին տաճկական «կարմիր» զօրագունդը Նախիջեւան անցնելու նպատակով մեծամասնականներու կարգադրութեամբ կը ղրկուի դէպի Ուչ եւ Ղարաքիլիսէ հայ գիւղերը։ Կանխելու համար անոր գործելիք չարիքները, որոնց ապացոյցը տուած էր ան Զանգեզուրի մէջ. «Քարահունջ, Խոտ, Շինուհայր, Հալիձոր, Եայջի, Զէյվա եւ ուրիշ գիւղերու մէջ գործադրելով իր գազանային եւ բարբարոս բնազդները հայ կնոջ եւ կոյս աղջիկներու վրայ», տեղակալ Տէր-Դաւիթեան կը վերադառնայ Ղարաքիլիսէ եւ օգտուելով տիրող մառախուղէն՝ խիզախ թեւանցով մը պարտութեան կը մատնէ թշնամին, որ երեք ժամ կռւելէ վերջ Եայջիի ուղղութեամբ կը դիմէ փախուստի, ձգելով 100-ի չափ դիակներ ռազմադաշտին վրայ։ Այդ կռուի ընթացքին մահացուորէն կը վիրաւորուի Տէր-Դաւիթեանը, սիսեանցիներու հերոս այդ ղեկավարը, որ իր ստացած վերքին անխնամ մնալու պատճառով նոյեմբեր 20-ին կը վախճանի:

Մառախուղին եւ իրենց հրամանատարին վիրաւորուելու պատճառով սիսեանցիք հնարաւորութիւն չեն ունենար հարուածելու նահանջող թշնամին, որ մտնելով անպաշտպան Եայջի, կոտորածի եւ թալանի կը մատնէ ամբողջ գիւղը՝ իբր փոխվրէժ Ղարաքիլիսէի ճակատին վրայ կրած իր պարտութեան:

Խուսափելով աւելորդ   արիւնահեղութենէ, նոյեմբեր 14-ին Նժդեհ հետեւեալ վերջնագիրը կը ղրկէ Գորիսի մեծամասնական հրամանատարութեան.

Բոլշեւիկների հրամանատարութեան՝

Գորիս

«Ղարաբաղի եւ Զանգեզուրի հայութիւնն արդէն գլխատւած եւ տնտեսապէս ու հասարակականապէս քայքայւած է Կարմիր բանակի ձեռքով: Ձեր զօրքերի ներկայութիւնը Սիւնիքի սահմաններում այլեւս անհանդուրժելի է: Հրամայում եմ, եթէ չէք ուզում ԺԱ. բանակի մնացորդներն էլ կոտորածի եւ գերութեան մատնել, անմիջապէս դատարկել Զանգեզուրր, հակառակ դէպքում ստիպւած կը լինեմ կռւով տիրելու ձեր ձեռքին գտնւած երկրամասին»։

Կապարգողթի հրամանատարի Նժդեհ, հանքեր, 14 նոյեմբեր, 1920

Վերջնագրին ի պատասխան մեծամասնական զօրքի հրամանատարութիւնը դէպի Զանգեզուր կը ղրկէ տաճկական զօրքը եւ Գորիս մնացած Կուրոչկինի հեծելազօրքը: «Կուրոչկին ջար- դուելէ յետոյ՝ կը նախընտրէ թողնել իր հեծելազօրքի մէկ մասը Զանգեզուր, իսկ ինքը կ՛անցնի Բագու, հաստատ համոզուած՝ որ Կարմիրները Զանգեզուր եւ Ղարաբաղի մէջ դատապարտուած են ոչնչանալու»։

Ատրբէջանի Կարմիր բանակը նոյեմբեր 14-ին կը խուժէ դէպի Հալիձոր, որուն օգնութեան կը հասնի Տաթեւի զօրամասը:

Նոյեմբեր 19-ին Տաթեւէն եւ Դարապասէն օգնութիւն կը խնդրեն։ Նժդեհ հարիւրեակ մը ձիաւորներով կ'անցնի այդ շրջանը:

 

 

Թշնամին իր ձեռքը պահելով Եայջին՝ կը պատրաստուի պատել Հալիձորը։

Ան կը յաջողի Շինուհայի կողմէ մտնել  ապստամբ հայ գիւղի արեւելեան թաղը ու կրակի տալ մէկ քանի տուներ։

Համաձայն մշակուած մարտագրին, նոյեմբեր 20-ին Սիսեանի ուժերը կը քալեն Ուչթափալար֊Ղարաքիլիսէ-Գորիս խճուղիով եւ լուսաբացին թիկունքէն կը հարուածեն հակառակորդը:

Դարապասի ուժերը գիշերը կը գրաւեն Եայջի ետեւի Խութիս կոչուած բարձունքը։

Տաթեւի զօրասիւնը գիշերանց Որոտան գետը անցնելով կը գրոհԷ թշնամի ուժերու կեդրոնին դէմ։ Իսկ Հալիձորի մարտիկները կը հարուածեն թշնամիին ձախ թեւը։

Լուսաբացին Խութիսի բարձունքէն առաջացող զօրաշղթայի բացած կրակէն ու պայթուցիկ տակառներու հրաբխային որոտներէն թշնամին շուարած՝ կը լքէ Եայջիի իր դիրքերը ու կը քաշուի դէպի Ուչթափալար։

Նոյն օրը, ժամը 11-ին, Կապարգողթի եւ Սիսեանի ուժերը վերջին թափով մը կը նետուին կարմիր զինուորներուն վրայ, որոնք կարճ դիմադրութիւն մը ցոյց տալէ յետոյ կը նահանջեն դէպի Գորիս։

Նոյեմբեր 20-ի կռիւներուն իբր արդիւնք կը փրկուին Եայջին եւ Հալիձորը։

 

Գորիսի գրաւումը

Եայջիի եւ Ուչթափալարի ճակատներուն վրայ թշնամին կրած պարտութենէն վերջ նոյնքան ահաւոր պարտութեան մը  կենթարկուի մէջ:

Գորիսի եւ շրջապատի ազգաբնակչութիւնը, որ մեծամասնական զօրքերու ձեռքով. «Թալանուեր, տնտեսապէս քայքայուեր հագուստեղէնէ, տնային կահ-կարասիներէ զրկուեր եւ դառնութեան բաժակը մինչեւ վերջ քամած էր՝ օր առաջ գաղտնի կերպով պատրաստուած էր ապստամբութեան. կապ հաստատելով մէկ կողմէն հրամանատար Նժդեհի եւ միւս կողմէ՝ Սիսեանի ապստամբներու ղեկավարին հետ»:

Նոյեմբեր 21-ին գիշերուայ ժամը 4-ին Գորիսի սուրհանդակները հետեւեալ գրութիւնը կը բերէին Նժդեհին.

«Երէկ Ուչթափալարի ջարդուած թշնամիին մնացորդները խուճապով թափուեցան քաղաք: Քիչ վերջ՝ քաղաքի կարմիրներուն մէջ տարածուեցավ պանիկա եւ բոլորն սկսան փախչիլ Զաբուղ: Գորիսի եւ Վերին Շէնի երիտասարդութիւնը, տեսնելով այդ բոլորը, յարձակեցաւ փախչողներու վրայ եւ զինաթափեց շատերուն, քաղաքն այժմ մեր ձեռքն է: Թշնամին ամրացեր է Քարաշէնի բարձունքներուն վրայ եւ կը ռմբակոծէ քաղաքը: Տղաներն օգնութիւն կը խնդրեն: Պէտք է շուտ հասնիլ, թէ չէ լուսաբացին նոր ուժեր ստանալով թշնամին կարող է վերագրաւել քաղաքը եւ սրի քաշել ժողովուրդը»:

Նժդեհ կը պատասխանէ. «Գալիս եմ, դիմադրեցեք»:

Եայջի եւ Հալիձոր ամրացած Զանգեզուրի եւ Սիսեանի մարտիկները անտեղեակ Գորիսի, Վերին Շէնի եւ Բուրունի շրջանին մէջ կատարուած ապստամբական շարժումին, դեռ կը հետապնդեն Շինուհայր գտնուող մեծամասնական ուժերը զոր վանելով՝ նոյեմբեր 21 առտուն ժամը 10-ին Գորիս կը մտնեն:

 

«Նոյեմբեր 22 առտուայ ժամը 12-ին ամբողջ Գորիսի և շրջանի ժողովուրդն ու զինուորութիւնը խռնուած Վահան Խորէնի, Արշակ Շիրինեանի եւ Սաքօի շիրիմներու շուրջ մեր հայրենիքը ազատ անկախ երգերով, հայ եկեղեցիի զանգակներու քաղցր ղօղանջներուն տակ, աղ ու հացով կը դիմաւորէ իր սիրելի ազատարար Նժդեհին եւ անոր յաղթական մուտքը կը շնորհավորէ: Հազարաւոր շրթունքներ օրհնութեան մրմունջներ կը թոթվեն. բոլորին դէմքին վրայ կը փայլի ազատութեան ժպիտը»:

Գորիսէն նահանջող մեծամասնական զօրքը յուսահատօրէն դեռ կը ռմբակոծէր հայկական դիրքերը:

Հասնելով Քարաշէն, հրամանատար Նժդեհ կու տայ վերջին յարձակումի ազդանշանը: Կը բարձրանայ յաղթութեամբ արբեցած մարտիկներուն գոռ աղաղակը, որ լռութեան կը դատապարտէ թշնամի թնդանօթներու ձայները: Երեկոյեան դէմ մեծամասնական ԺԱ. զօրաբանակին վերջին զօրամասերը կը քշուին դէպի Ապտալլար:

Զանգեզուր կը տօնէ իր ազատութիւնը:

Զանգեզուրի վերջին յաղթութիւններու առիթով Հ.Հ. կառավարութեան քարտուղարը կը գրէր Նժդեհին.

«Ամբողջ ընկերները հիացմունքով կը հետեւին Դաւիթ-Բէգի հոգեզաւակի հերոսական պայքարին եւ կարող եմ ըսել թէ ամբողջ մեր կուսակցական մարմինների եւ առ հասարակ հայութեան լայն խաւերի ջերմ համակրութիւնը Ձեզ հետ է»:

 

 

ՏԷՎԷՃԵԱՆ

Երեւան, 30 նոյեմբեր, 1920

Վարդան Գևորգյան

«Լեռնահայաստանի հերոսամարտը»

(1919-1921) Երևան-1991

Դեկտեմբերի 22-ը էներգետիկների մասնագիտական տոնն է

22.12.2024 18:30

Ի գիտություն գորիսեցիների

21.12.2024 22:06

Հանկարծամահ է եղել մեծահամբավ ուսուցչուհի Թերեզա Հակոբյանը

21.12.2024 17:53

Հորս միայն ադրբեջանցի փաստաբանները տեսնելու հնարավորություն ունեն, մեր միջազգային իրավաբանները երբեք չեն կարողացել տեսնել․ Ռուբեն Վարդանյանի որդի

21.12.2024 13:16

Այսօր Լեռնահայաստանի Սպարապետ Գարեգին Նժդեհի հիշատակի օրն է

21.12.2024 12:34

Երկրաշարժ Ադրբեջանում․ այն զգացվել է նաև Հայաստանի մի շարք հատվածներում

21.12.2024 09:29

Կապան համայնքի կանանց երգչախմբի համերգը

20.12.2024 21:31

Պահեստային տարածքի վարձակալության մրցույթ

20.12.2024 20:13

Մեղրիի փոքր թաղի վերածնունդը` պատմության եւ զբոսաշրջության նոր շունչ

20.12.2024 19:13

Ուկրաինան այլևս թույլ չի տա ռուսական գազի տարանցումն իր տարածքով. Զելենսկի

20.12.2024 18:06

Հարցազրույց Մատենադարանի «Ծաղկելու արվեստ» ստուդիայի ղեկավար Լիլիթ Վարդումյանի հետ

20.12.2024 17:09

Բաքուն ապօրինաբար կալանքի տակ պահվող 15 արցախցու մեղադրում է քրեական գործի 2,548 դրվագով

20.12.2024 16:10