ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է ՆՈՐ ՈՐԱԿ ՏԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՍՓԻՒՌՔ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

19.09.2017 14:42
1535

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին պատգամը՝ Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ Համաժողովին

Ջերմօրէն կ՚ողջունենք Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովը «Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն» խորագրին տակ դնելու ճիշդ որոշումը. եւ կը յուսանք, որ ներկայ համաժողովը կը դառնայ Հայաստան-Սփիւռք իրապաշտ երկխօսութեան եւ համահայկական խնդիրներու ու մարտահրաւէրներու լուրջ քննարկման եզակի առիթ:


Կ՚ողջունենք յատկապէս համաժողովի խորագրին մէջ կարեւոր տեղ գրաւած «վստահութիւն» բառը: Արդարեւ, ոեւէ ձեւի ու բնոյթի գործակցութիւն, ուր վստահութիւնը բացակայ է, կը դառնայ կեղծ ու վնասաբեր: Հայաստանի վերանկախացումէն յետոյ երկուստէք սխալներ եղան: Հայաստան եւ Սփիւռք զիրար չէին ճանչնար, անվստահութեան մթնոլորտ մը կար, որ իր բացասական հետեւանքները ունեցաւ հայ կեանքի բոլոր բնագաւառներէն ներս:


Արդ, աւելի քան 25 տարիներու մեր փորձառութեան լոյսին տակ, փոխադարձ վստահութիւնն ու պատասխանատուութիւնը, աւելի ճիշդ է ըսել հաւաքակա՛ն պատասխանատուութիւնը, գեղեցիկ լոզունգէ անդին՝ կեանքի պէտք է վերածուի՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի միջեւ դերերու յստակեցումով, առաջնահերթութիւններու ճշդումով ու գործակցութեան նոր որակ տալով: Ա՛յս է մեր ազգը իր հայրենիքով ու Սփիւռքով դէպի պայծառ ապագայ առաջնորդող միակ ապահով ճամբան: Ա՛յս գիտակցութեամբ հարկ է համազգային մտածողութեան մշակոյթ ստեղծել, հաւաքաբար ծրագրել ու գործել: Ա՛յս տեսլականով հարկ է բացուիլ նոր հորիզոններու ու քաջօրէն դիմագրաւել մեզ շրջապատող մարտահրաւէրներն ու տագնապները:


Կը գտնուինք մեր պատմութեան մէկ վճռադրոշմ խաչմերուկին դիմաց: Եկէք ըլլանք իրապաշտ ու անկեղծ: Հայաստանը կը պարպուի, իսկ Սփիւռքը կը մաշի: Այս վտանգալից իրականութեան դիմաց պատահական նախաձեռնութիւններ չեն կրնան մեր տագնապները լուծել եւ վէրքերը դարմանել: Ժամանակի նշաններէ պէտք է ճիշդ կարդալ, ախտաճանաչումը պէտք է ճիշդ կատարել եւ համապատասխան կողմնորոշումներ ճշդել ու ազդու միջոցներու դիմել: Անհրաժեշտ է Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը դուրս բերել պատահական տնտեսական ներդրումներու ու թուրիստական այցելութիւններու շրջագծէն եւ զայն դարձնել մեր ազգային քաղաքականութեան կարեւոր հիմքերէն մէկը: Ամբողջական Հայաստանի տեսլականը ունենալով մեր ազգային գաղափարախօսութեան հենքը ու նպատակը, ՀԶՕՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ, ԱՄՈՒՐ ԱՐՑԱԽ ու ԿԱԶՄԱԿԵՐՊ ՍՓԻՒՌՔ պէտք է դառնան մեր ազգային քաղաքականութեան ռազմավարական ու մարտավարական ուղեցոյցը: Ազգային այս գաղափարախօսութեամբ ու տեսլականով ամրագրուած ազգային քաղաքականութիւնը անկասկած իր շուրջ պիտի համախմբէ մեր ազգին բոլոր զաւակները, մարդուժն ու ներուժը, միաժամանակ մղիչ ուժը դառնալով համահայկական մտածողութեան կազմաւորման ու գործելակերպի զարգացման:


Շրջափակումի ենթարկուած Հայաստանը պատերազմի մնայուն վտանգին դիմաց է: Արդ, Հայաստանի անվտանգութիւնը համազգային առաջնահերթութիւն է, եւ սա առաջին հերթին կը պահանջէ հայրենի մեր ժողովուրդին ամուր կապուածութիւնը իր հողին: Հայրենիքը հող ու ժողովուրդ է՝ պետութիւն ու տնտեսութիւն ըլլալէ առաջ: Հաւատարմութիւն հայրենիքին նկատմամբ վեր է ամէն տեսակ նկատումներէ: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է եւ անյետաձգելի՝ արտագաղթը նուազեցնելու եւ Հայաստանի բնակչութեան թուային աճը ապահովելու ձգտող քոնքրէթ միջոցներու կիրարումը: Հարկ է ըլլալ զգոյշ: Եթէ Հայաստանի տնտեսութեան զարգացումը ընթանայ համրաքայլ եւ փտածութեան առաջքը առնելը դառնայ դժուար, եւ միւս կողմէն՝ եթէ ժողովուրդի կենսամակարդակը չդառնայ գոհացուցիչ, արտագաղթը նոյն թափով կրնայ շարունակուիլ եւ աղքատութիւնը դառնալ աղբիւր ամէն տեսակ ընկերային ու բարոյական չարիքներու:


Դիւրին է այս հարցերուն մասին խօսիլը, գիտե՛նք. հեշտ է նաեւ քննադատելը, դարձեա՛լ գիտենք. էականը մեր ցաւերուն դարման որոնելու իմաստութիւնը, կամքն ու յանձնառութիւնը ունենալն է: Արդ, սպասելի է, որ բարեփոխեալ սահմանադրութեամբ դէպի կառավարման աւելի թափանցիկ ու հաշուետու կառոյցներ ու գործընթացներ ընթացող Հայաստանը կարենայ, նաեւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ընձեռած կարելիութիւններու ճիշդ օգտագործումով, լուծումներ որոնել յիշեալ եւ այլ հիմնահարցերուն:


Հայաստան եւ Սփիւռք սոսկ գործընկերներ կամ գործակիցներ չեն սովորական առումով, այլ՝ նո՛յն ազգի ու հայրենիքի զաւակներ: Ա՛յս հայեցակէտով պէտք է ծրագրուի ու հունաւորուի Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը: 27 տարիներու ընթացքին մեր ժողովուրդի երկու հատուածներուն միջեւ զարգացած կապերը, իրենց դրական թէ բացասական երեսներով, մեզ պէտք է մղեն տարբեր որակ ու արեւելում տալու մեր գործակցութեան: Տեղքայլը նահանջ է, իսկ նահանջը արտօնելի չէ տագնապներով ու մարտահրաւէրներով շրջապատուած մեր ազգին ու հայրենիքին համար:


Սիրելի՛ հայորդիներ, Հայաստանը զբօսավայր չէ՛, պիզնեսի շուկայ չէ՛, անցագիր չէ՛. վա՜յ մեզի երբ միայն այսպէ՛ս մօտենանք Հայաստանին: Հայաստանը աշխարհի վրայ ինքզինք հայ դաւանող հայուն տո՛ւնն է՝ անցեալի, ներկայի ու ապագայի տունը: Մեր հաւաքական տան նկատմամբ ընելիք ու ըսելիք ունինք եւ պէտք է ունենանք: Պիտի հզօրացնենք ու ծաղկեցնենք Հայաստանը մեր ողջ կարողականութեամբ: Սա իւրաքանչիւր հայուն սրբազան ուխտը պէտք է դառնայ:


Արդ, մէկ կողմէն՝ բարեսիրական գործերով եւ միւս կողմէն՝ «եկէք պիզնես արէք» ըսելով, որքան ալ գնահատելի ըլլան նման նախաձեռնութիւններ ու կոչեր, չենք կրնար հզօր Հայաստան կերտել: Սփիւռքը պատահական ներդրումներէն անդին կոչուած է լայնածաւալ ու երկարաշունչ ծրագիրներով մասնակից դառնալու Հայաստանի տնտեսութեան աճման: Սփիւռքի տնտեսական ներուժի արդիւնաւէտ օգտագործումը եւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ծաւալումը կ՚ենթադրէ գործակցութեան տինամիք մեքանիզմներու ստեղծում՝ համաշխարհայնացած տնտեսութեան ընձեռած լայն միջոցներու օգտագործումով:


Սակայն Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը միայն տնտեսական շրջագծէն ներս պէտք չէ դիտել: Սփիւռքի դերը Հայաստանի նկատմամբ սոսկ պիզնես ընել չէ: Սփիւռքը մասնագիտութեամբ թրծուած հարուստ փորձառութիւն է. Սփիւռքը պահանջատիրական ոգիով շաղախուած երիտասարդութիւն է. Սփիւռքը բազմաթիւ ու բազմազան կարելիութիւններով օժտուած հարուստ շտեմարան է: Սփիւռքը անբաժան ու անբաժանելի մասն է հայութեան: Հետեւաբար, տնտեսական, մշակութային, կրթական եւ այլ մարզերէն ներս ծրագրուած գործակցութեան կողքին, անհրաժեշտ է նաեւ լրջօրէն մտածել Սփիւռքի փորձագէտները ու մասնագէտները Հայաստանի կառավարման կառոյցներուն գործնապէս մասնակից դարձնելու միջոցներուն մասին: Այս մօտեցումով միայն Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը իր լիարժէք իմաստը կը ստանայ:


Արցախը, բնականաբար նաեւ Հայաստանը, կը գտնուին ոչ պատերազմ եւ ոչ խաղաղութիւն իրավիճակի մէջ: Այս անորոշ կացութեան երկարաձգումը լուրջ վտանգ մըն է Հայաստանի համար: Թերեւս այսպէ՛ս կուզեն թէ՛ մեր բարեկամները եւ թէ ոչ-բարեկամները՝ մեկնելով շրջանի իրենց աշխարհաքաղաքական շահերէն: Մեր դարաւոր պատմութիւնը կը վկայէ, թէ ազգին ու հայրենիքին փրկութիւնը մեր հաւաքական ուժին մէջն է եւ մեր հաւաքական ուժին ու վճռակամութեան հարազատ արտայայտիչը հայոց արի բանակն է: Իւրաքանչիւր հայ զինուոր մըն է հայոց բանակին. զինուոր՝ նիւթապէս նեցուկ դառնալով անոր զօրացման եւ ի պահանջեալ հարկին՝ իր արիւնը թափելով ի խնդիր հայրենիքի պաշտպանութեան:


Սփիւռքի վերակազմակերպումը Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան առաջնահերթութիւններէն մէկն է: Ըսած ենք ու կը կրկնենք. - Սփիւռքի հզօրացումը Հայաստանի հզօրացումն է, եւ՝ փոխադարձաբար: Հարկ է ըլլալ իրատես ու հեռատես: Եթէ բազմերանգ ու բազմաշերտ դարձած Սփիւռքը իր ներուժի ներդաշնակման առաջնորդող հաւաքական ուղեգիծեր չճշդէ, հետզհետէ պիտի ընթանայ դէպի կազմալուծում ու մաշում:


Հայաստանը կարեւոր դեր ունի կատարելիք Սփիւռքի հայօրէն վերակենսաւորման, յատկապէս մշակութային ու կրթական մարզերէն ներս, ինչպէս նաեւ ազգային միասնականութեան ամրապնդման գծով: Արդարեւ, Սփիւռքի հայերուն քաղաքացիութիւն շնորհելը կարեւոր քայլ մըն էր:


Լուրջ տագնապի մէջ գտնուող գաղութի մը, օրինակ Սուրիոյ հայութեան նկատմամբ Հայաստանի պետութեան ցուցաբերած քաղաքական եւ մարդասիրական աջակցութիւնը այլապէս կարեւոր քայլ մըն էր: Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի հռչակագիրը պատմական նշանակութիւն ունէր: Անհրաժեշտ է մէկ ազգի ու հայրենիքի պատկանելիութիւնը ամրագրող քոնքրէթ նախաձեռնութիւնները շարունակել նո՛յն ոգիով ու յանձնառութեամբ: Հայաստանի առաջին հանրապետութեան 100-ամեակի համահայկական նշումը, վստահաբար նոր շեշտ պիտի տայ մեր ազգային միասնականութեան: Եւ աւելի՛ն, փոխադարձ զիջումներով միացեալ ուղղագրութեան հաստատումը, արեւմտահայերէնի պահպանութեան գծով Հայաստանի պետութեան զօրակցութիւնը անկասկած պիտի դառնան մեր միասնականութեան ամրակուռ սիւները:


Սակայն չմոռնանք երբեք, որ ազգ մը միացնողը, ամրացնողը ու յաւերժացնողը իր հոգեւոր, բարոյական, մշակութային ու ազգային արժէքներն են: Հետեւաբար, թոյլ չտանք, որ մեր ազգին արժէքները ապականին, մեր արժէքներու համակարգը խախտի: Արդարեւ, մեր ազգին մտահոգութիւնները ու կարելիութիւնները լուրջ քննարկումի ու համակարգումի ենթարկող եւ ազգային միասնականութեան տեսանելի արտայայտութիւն տուող Համազգային Խորհրուդի մը ստեղծումը կը նկատենք անյետաձգելի հրամայական:

Այսօրը ծրագրել կը նշանակէ վաղը երաշխաւորել: Ազգին տան հիմքը ամրացնելը կ՚ենթադրէ ազգին բեկորները ի մի խմբող վստահութիւնը ամրապնդել ու ներուժը զօրաշարժի ենթարկել: Այլապէս սոսկ լոզունգներ հնչեցնելով փակ օղակներու մէջ պիտի մնանք: Չվստահինք աշխարհաքաղաքական շահերով պայմանաւորուած ուրիշներու բարեկամութեան: Վստահինք մեր սեփական ուժին ու միասնականութեան, մեր հաւատքին ու վճռակամութեան: Յ. Շիրազի բառերով՝ «Բա՛ւ է հայեր ցրուած մնաք մատներիս պէս. բռունցքուելն է՝ յաւերժութիւնը Հայաստանի»: Ա՛յս է դարերէն եկող ու դարերուն գացող պատգամը հայոց պատմութեան:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

Թուրքիայի ԶՈՒ ցամաքային զորքերի հրամանատարության մեծ պատվիրակությունից հետո Բաքու է ժամանել ևս մեկ պատվիրակություն

23.12.2024 16:51

ՌԴ-ն պատվիրակություն է ուղարկել Իրան՝ քննարկելու տարածաշրջանում տրանսպորտային և լոգիստիկ կապերի վերաբերյալ հարցերը

23.12.2024 15:27

Իրանի գերագույն առաջնորդը կրկին Իսրայելին ոչնչացմամբ է սպառնացել

23.12.2024 12:09

«Ադրբեջանցիները պարսկական պոեզիայի դասական Նիզամիին «դարձրել են» ադրբեջանցի պոետ». Ոսկան Սարգսյան

23.12.2024 11:23

Հայաստանին սպառազինվելու մեջ մեղադրող Ադրբեջանը հաջորդ տարի թուրքական բանակի մոդելով մոդերնիզացիայի 5-ամյա պլանն ավարտում է․ Աբրահամյան

23.12.2024 11:10

«Չեմ էլ փոխելու անձնագիրս, որ չասեն, թե Արցախ չի եղել, որ չկարողանան ջնջեն մեր պատմությունը»

23.12.2024 11:02

Սյունիքի բարձրադիր գոտիների ավտոճանապարհներին տեղ-տեղ մերկասառույց է

23.12.2024 09:25

Դեկտեմբերի 22-ը էներգետիկների մասնագիտական տոնն է

22.12.2024 18:30

Ի գիտություն գորիսեցիների

21.12.2024 22:06

Հանկարծամահ է եղել մեծահամբավ ուսուցչուհի Թերեզա Հակոբյանը

21.12.2024 17:53

Հորս միայն ադրբեջանցի փաստաբանները տեսնելու հնարավորություն ունեն, մեր միջազգային իրավաբանները երբեք չեն կարողացել տեսնել․ Ռուբեն Վարդանյանի որդի

21.12.2024 13:16

Այսօր Լեռնահայաստանի Սպարապետ Գարեգին Նժդեհի հիշատակի օրն է

21.12.2024 12:34