Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը մօտէն կը հետեւի վերջին օրերու Վենեզուէլլայի մէջ ստեղծուած կացութեան զարգացումներուն եւ այդ ծիրէն ներս հայ գաղութին դիմագրաւած դժուարութիւններուն։
Արդարեւ, շաբաթ, 2 փետրուար 2019-ին, Նորին Սրբութիւնը, հակառակ հեռաձայնային հաղորդակցութեան դժուարութիւններուն, կրցաւ դարձեալ կապ հաստատել Վենեզուէլլայի հոգեւոր տեսուչին՝ գերշ. Տ. Կոմիտաս արք. Օհանեանի եւ հոգեւոր հովիւին՝ հոգշ. Տ. Վահրիճ վրդ. Ղարախանեանի հետ։ Անոնք Վեհափառ Հայրապետին պարզեցին ստեղծուած կացութեան զանազան երեսները, յատկապէս քաղաքական զարգացումները ու ժողովրդային ցոյցերը։ Նորին Սրբութիւնը մօտէն հետաքրքրուեցաւ մեր համայնքին առնչուած դժուարութիւններուն, ուրախութեամբ հաստատեց, որ մեր համայնքը ապահով է եւ համախմբուած է եկեղեցւոյ շուրջ, սակայն, բնականաբար, առօրեայ կենցաղային դժուարութիւնները կը շարունակուին։ Հայրապետը վստահեցուց, որ կ՚աղօթէ գաղութին անվտանգութեան ու ապահովութեան համար եւ կը մաղթէ, որ շուտո խաղաղութիւն հաստատուի երկրէն ներս, որպէսզի Վենեզուէլլայի հայ գաղութը կարենայ իր համայնքային կեանքը վերակազմակերպել։
yerkir.am