Հայրենի գրականագէտ Կիմ Աղաբէկեան, որ իբրեւ հիւր դասախօս հրաւիրուած է Պէյրութ՝ գրականութիւն դասաւանդելու համար Համազգային հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկին մէջ, ծանօթ անուն մըն է ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ արտասահմանի մէջ հաւասարապէս: «Ազդակ» շահեկան հարցազրոյց մը ունեցաւ անոր հետ: Հարցազրոյցը կու տանք ստորեւ, որոշ յապաւումներով:
«ԱԶԴԱԿ», – Ե՞րբ եւ ո՞ւր առաջին անգամ երեւցած է ձեր ստորագրութիւնը եւ ի՞նչ անդրադարձ ունեցած է ձեր վրայ՝ իբրեւ առաջին գործ:
ԿԻՄ ԱՂԱԲԷԿԵԱՆ. – Ուրեմն պէտք է որ ես յետադարձ հայեացք նետեմ իմ անցած ճանապարհիս վրայ: Տակաւին հեռաւոր ուսանողական տարիներուն, երբ համալսարանի վերջին կարգը կը յաճախէի եւ աւարտաճառս պիտի գրէի, նիւթս Եղիշէ Չարենցի «Երկիր Նայիրի» վէպն էր: Ամէնէն լուրջ առաջին ստորագրութիւնս կը նկատեմ համալսարանի թերթին մէջ ստորագրած մէկ յօդւածս՝ Չարենցի «Երկիր Նայիրի» վէպին շուրջ:
Խմբագիրը իմ շատ սիրելի ընկերս, եւ կը կարծեմ, Սփիւռքի մէջ ալ իր Բակունցի եւ Շիրազի մասին գրած գիրքերով յայտնի Սերգէյ Աթաբէկեանն էր: Ան հրատարակեց իմ վերոյիշեալ յօդւածս: Կը փորձէի ինքս կարդալ «Երկիր Նայիրի»-ն, որովհետեւ այդ գործը կը նկատուէր երգիծական բնոյթի վէպ, իսկ իմ խորին համոզումովս մեծ ողբերգութիւն էր անիկա, 20-րդ դարու սկզբնաւորութեան ինքնատիպ «Մատեան ողբերգութեան» մը:
Զարմանալի զուգադիպութիւն կայ: Խորենացիի «Ողբ»-ով վերջացաւ 6-րդ դարը, Աբովյանի «Վէրք»ով սկսաւ նոր գրականութիւնը, Չարենցի «Երկիր Նայիրի»-ով իր սկզբնաւորումը ունեցաւ խորհրդային վէպը:
Այդ գործը երգիծական կը նկատուէր, որովհետեւ Գուրգէն Մահարին Չարենցէն լսած էր, որ ան երգիծական-բանաստեղծանման վէպ մը պիտի գրէ: Եւ այդ տարիներուն ես հանդիպեցայ Գուրգէն Մահարիին (իմ պայծառ հանդիպումնէրես մէկն է անիկա). ըսաւ՝ ինչպէս կը հասկընաս, այդպէս ալ գրէ: Եւ ես ինչպէս որ հասկցած էի, այդպէս ալ գրեցի: Այդ է իմ առաջին ստորագրութիւնս:
«Ա.». – Որքան ծանօթ են մեզի, թիւով շատ չեն ձեր աշխատութիւնները: Ցարդ երկու գործ միայն լոյս ընծայած էք. Գուրգէն Մահարիի մասին մենագրութիւն մը եւ «Երեք դիմանկար» անունով ուրիշ գործ մը: Յայտնապէս հրատարակելի ուրիշ գործեր ունի՞ք եւ անոնց ի՞նչ բախտ վիճակուած է կը կարծէք:
Կ.Ա. – Նախ ճշդում մը կատարեմ ձեր հարցումին վրայ: Ես հրատարակած եմ չորս գիրք. երկուքը դուք նշեցիք, յաջորդը Հրանդ Մաթեւոսեանի մասին 300 էջնոց գիրք մըն է, «Ծմակուտի Ասք»ը խորագիրով: Իսկ հրատարակած չորրորդ գիրքս է «Արդի հայ արձակի զարգացման միտումները», որ դարձաւ իմ դոկտորական թէզս:
Այնպէս որ, մինչեւ հիմա չորս գիրք հրատարակած եմ: Կը ցաւիմ, որ այդ գիրքերը այստեղ չկան եւ դուք ծանօթ չէք անոնց:
Ունիմ նաեւ բազմաթիւ յօդուածներ, որոնք կրնան առանձին հրատարակելի գիրքի վերածւիլ, բայց այս վերջին երկու-երեք տարիներուն ընթացքին ես զբաղած եմ Յակոբ Օշականով եւ անոր վէպերուն եւ պատմուածքներուն մասին յօդուածներ կը գրեմ՝ յոյս ունենալով, որ յառաջիկային առանձին գիրք մը պիտի տպեմ Օշականին նուիրուած յօդուածներով: Ի դժբախտութիւն իմ սերունդիս, զարմանալիորէն հեռաւոր երիտասարդական տարիներուն Յ.Օշական ծանօթ չէր մեր գրական միջավայրին մէջ, եւ համալսարանական կրթութեան մէջ ալ անոր անունը հազուադէպ կը նշուէր կամ չէր նշուեր, բայց ես ապշեցայ, որ այդպիսի մեծ, ահագին մեծ եւ եզակի ոճով, եզակի մտածողութեամբ գրող մը չէ մտած մեր գրական կեանքին շրջանառութեան մէջ: Ասոր համար ես կը ցաւիմ եւ կ’աշխատիմ այդ պակասը լրացնել Օշականի մասին գրած իմ յօդուածներով:
«Ա». – Վերջին երեք տարիներուն «Բագին»-ի, «Նորք»-ի եւ գրական այլ հանդէսներու մէջ Յակոբ Օշականին նուիրւած ուսումնասիրութիւներուն եւ յօդուածներուն տակ յաճախ հանդիպեցանք ձեր ստորագրութեան: Ատկէ առաջ Յ.Օշականով զբաղա՞ծ էիք, թե մեծ գրագէտը յայտաբերեցիք Սփիւռքի մէջ պաշտօնավարած ձեր տարիներուն:
Կ.Ա. – Զարմանալի բան է: Իմ շատ սիրելի ընկերս՝ Երուանդ Երկանեան կ’ըսէր, որ Պէյրութ եկանք իբրեւ կիսատ անձ եւ Պէյրութէն հեռացանք ամբողջացած: Անպայման ամէն հայ մարդ պէտք է Սփիւռքի որեւէ օճախի մէջ ըլլայ, որպէսզի ինքզինք ամբողջական հայ զգայ:
Իմ ամբողջական հայ ըլլալս կազմաւորեց Յակոբ Օշականը: Ես երջանիկ եմ, որ տարիներ առաջ Պէյրութ կատարած իմ առաջին իսկ այցելութեանս ընթացքին ես բախտ ունեցայ ծանօթանալու Օշականի երկերուն: Նոյնիսկ ես, իմ շատ սիրելի Երուանդ Փամպուքեանի հետ եւ անոր հաճելի հովանաւորութեամբ, եղայ Արամ Ա. կաթողիկոսի մօտ եւ իրմէ խնդրեցի Օշականին երկերը: Եւ վեհափառը ինծի հսկայական գրականութիւն տուաւ, այսինքն՝ այն ամէնը, ինչ որ Օշականէն կար Անթիլիասի մէջ: Այդ հատորները հիմա իմ տանս գրադարանին ամէնէն ուշագրաւ կեդրոնը կը գտնուին: Տարիներ շարունակ կը կարդամ Օշական, տակաւին չեմ յագենար եւ տակաւին ծարաւ եմ նորէն կարդալու:
Ինծի համար բախտաւորութիւն է, աւելի ճիշդ՝ իմ վրաս ինքնաբաւութեան զգացում մը կու գայ, երբ Օշական կը կարդամ եւ կրնամ Օշականի մասին յօդուած մը գրել: Յօդուածներ տպած եմ «Գարուն» ամսագիրին եւ համալսարանի գիտական «Բանբեր» ամսագիրին մէջ, Հայաստանի հանրային պատկերասփիւռի կայանի «Կէսգիշերային ճեպընթաց» յայտագիրով ելոյթ ունեցած եմ եւ խօսած եմ Օշականի մասին, եւ ինքզինքս մեծապէս բաւարարուած կը զգամ, որ կը շփուիմ այդ մեծ ու եզակի երեւոյթին հետ: Անիկա անկրկնելի գրող է: Անիկա մեծ է, շատ մեծ է:
«Ա.». – Ներկայիս Երեւանի պետական համալսարանի դասախօսներէն եք. ձեր առջեւ գտնուող տարրերուն մէջ ապագայ խոստացող ընձիւղներ կը տեսնէ՞ք: Պիտի խնդրէինք, որ այս մասին երկար տեղեկութիւններ տայիք:
Կ.Ա.– 1990-ական թուականներու սկզբնաւորութեան, 1992, 1993, 1994 թուականներուն տեսակ մը յուսահատութիւն կար, որովհետեւ սերունդին մէջ աշխուժութիւն չկար, նուիրում չկար, փայլատակող տղաք չկային, կարծէք` տխուր եւ թախիծի մէջ օրօրուող տղաք էին անոնք:
Բայց կը յուսամ, որ վերջին տարիներուն կան երիտասարդներ, որոնք կը սիրեն գրականութիւնը, աշխուժ են եւ կ’ուզեն ծանօթանալ: Ես ուրախ եմ, որ ներկայիս համալսարանի մագիստրատուրայի բաժինին մէջ գրականութեան ամպիոնի վարիչը կարելիութիւն ստեղծած է 36 ժամի չափով յատուկ դասախոսութիւններ կարդալու Յ. Օշականի մասին: Ինծի համար հաճելի է, որ ուսանողներուն մէջ կան նաեւ Օշականին ծանօթ Պէյրութէն եկած ուսանողներ:
Ուսանողները կը խանդավառուին Օշականով: Անգամ մը ուսանողի մը յանձնարարած էի, որ Օշականի «Ծակ պտուկ» վէպը կարդայ, երբ վերադարձաւ, ես իրեն հարցուցի. «Խորապէս կը խնդրեմ, որ խոստովանիք` դիւրութեա՞մբ կարդացիք, թէ դժուարութիւններ ունեցաք»: Ուսանողը ուրախանալով բացագանչեց. «Պարոն Աղաբէկեան, վերջին 100 էջը իմ տունս կարդացի բարձրաձայն, որպէսզի տնեցիները լսեն, թէ ինչպիսի մեծ գրող մըն է Օշական»:
Յ.Օշական յաղթականորէն կը մտնէ մեր կեանքին եւ մեր գրականութեան մէջ: Եկած է Յակոբ Օշականի ժամանակը:
«Ա.» – Ճի՞շդ է, որ աշխատանքի ընթացքին շարունակած եք ձեր ուսումը եւ յաջողած եք հասնիլ դասախoսական մակարդակին:
Կ.Ա. – Ինծի համար ուսումը յարատեւ երեւոյթ է: Այս տարիքիս մէջ ես կը սորվիմ, այս տարիքիս մէջ ես կը շարունակեմ ուսումնառութիւնը: Ըստ երեւոյթին, մարդ որքան ալ որ ապրի, ուսումնառութեան գործընթացը կ’երկարի, որովհետեւ մարդ միշտ ալ սորվելու բան մը ունի: Միշտ ալ աշխատած եմ կարդալ, սորվիլ, որովհետեւ վերջին հաշուով մեր մասնագիտութիւնը կարդալն է, իսկ կարդալը ուսումնառութեան անընդհատական ընթացքն է:
«Ա.».– «Բագին»-ի 40-ամեակին առիթով արտայայտած էք հետեւեալ միտքը. «Հեռաւոր տարիներուն մեզի համար «Բագին» կարդալը մեծ երանութիւն էր, ուղղակի հոգիի հրճուանք: Ես պիտի խոստովանիմ, որ մեր գաղափարներու կազմաւորման, ճաշակի զարգացման եւ լեզուի հմտութեան գործին մէջ անուրանալի է «Բագին»-ի դերը»: Կրնայիք՞ քիչ մը մանրամասնել:
Կ. Ա.– Ատիկա շատ ճիշդ է, որովհետեւ իմ սերունդս ընդհանրապէս ճշմարիտ գրականութեան կը ծանօթանար փակ դռներուն ետին: Այդտեղ կային յատուկ սրահներ, ուր պէտք էր մտնէիր յատուկ թոյլտուութեամբ:
Երբ յատուկ թոյլտուութեամբ կմտնէինք, «Բագին» կը կարդայինք, եւ կը հաղորդուէինք մեր ներաշխարհով, կը ճշդէինք մեր ճաշակները, կը հաղորդակցէինք մեծ գրականութեան հետ: Եւ ոչ միայն հայ գրականութեան, այլ ընդհանրապէս աշխարհի գրականութեան ծանօթանալու գործին մէջ «Բագին»-ը մեծ ծառայութիւն մատուցած է սերունդներուն: «Բագին»-ը դաստիարակած է, ուսուցիչ եղած է: Իհարկէ, թերեւս որոշ հարցերու մէջ սրութիւն կայ, բայց վերջին հաշուով այդ սրութիւններն են, որ կ՛աշխատցնեն մեր միտքը, փնտռտուքներու կը մղեն:
Ինծի համար միշտ ալ հաճելի եղած է «Բագին»-ի տարբեր բաժիններուն մէջ կարդալ անոր անխոնջ խմբագիրին խօսքը, խմբագիր մը, որ մեծ ծառայութիւն ունի հայ գրականութեան ասպարէզին մէջ: Գիտէք՞, «Բագին»-ը ուրոյն զէնք է, ֆետայիի անվրէպ հրացան: Ֆետայինները կ’ամուսնանային հրացանին հետ: Պօղոս Սնապեան ֆետայի է` ամուսնացաւ «Բագին»-ին հետ: Ան շատ խնդիրներ պարզած է, ան մեր գրականութեան մշտարթուն պահակն է: Վարած է բազմաթիւ բանավէճեր, շարժած է մտքեր, բացած է չամանդաղուած շատ թնճուկներ: Ես, օգտուելով պատեհ առիթէն, նորէն ի խորոց սրտի կը շնորհաւորեմ «Բագին»-ի 40-ամեակը եւ ամուր առողջութիւն կը ցանկամ անոր հմուտ ու բազմաշնորհ խմբագիրին:
Երբ ես Օշական կը կարդամ, կը փառաւորւիմ այն իրողութեամբ, որ ան ուսուցիչ եղած է: Իրապես երանի այն սերունդին, որ այդպիսի մեծ ուսուցիչ մը ունեցած է: Բայց նաեւ երանի այն ուսուցիչին, որ ունեցած է այդպիսի աշակերտներ, որովհետեւ եթէ դուք ուշադիր ըլլաք, Սփիւռքի եւ մասնաւորապէս Միջին Արեւելքի մէջ յետօշականեան շրջանին անոր աշակերտներն էին, որոնք ուղղորդեցին, առաջնորդեցին, ղեկավարեցին մեր գրական կեանքը, սկսելով Ծառուկեանէն, Մուշեղ Իշխանէն եւ Եդուարդ Պոյաճեանէն մինչեւ Պօղոս Սնապեան: Ինծի կը թուի, թէ վերջինս Օշականի գործերը հրատարակելու ընթացքին ինքը Օշականին հետ գրած է այդ երկերը: Օշական հրատարակելը եկեղեցի կառուցելու պէս բան մըն է. չէ՛ աւելին Է: Եկեղեցիները կը մաշին, կը փլին, բայց գիրքը կը մնայ: Գիրքը այդպիսի բան է:
Դժբախտաբար Յակոբ Օշականի ձեռագիրը շատ անընթեռնելի էր: Ինքն ալ թերեւս կը դժուարանար իր ձեռագիրները կարդալու աշխատանքին մէջ: Պօղոս Սնապեան այդ ձեռագիրները կարդալու համար ամբողջ կեանք մը մաշեցուցած է: Ատիկա մեծ եւ դժուար աշխատանք է: Մէկ բառի համար ան կը պրպտեր բոլոր բառարանները` բառին իմաստը եւ ոճը ճշդելու: Յակոբ Օշական ինքն իր մէջ ամբողջ մշակոյթ մըն է, խնդիր չէ, եթէ մենք զայն կ’ընկալենք կամ չենք ընկալեր, կ’ընդունինք անոր չափանիշները, թէ չենք ընդունիր: Ո՛չ մէկը մեր գրականութեան մէջ մեր անցեալի կեանքը, մասնաւորապես հայ-թրքական յարաբերութիւններուն խնդիրը այնպէս արմատապէս տուած է, ո՛չ մէկը մեր հոգիի աւազանը այնպես բացած է եւ ո՛չ մէկը թուրքը մեզի այդպէս ճանաչելի դարձուցած է, ինչպէս Յակոբ Օշականը: Ասիկա փաստ է, եւ ասոր առջեւ պէտք է խոնարհին սերունդները, որովհետեւ վերջին հաշուով մարդուն նպատակը ինքնաճանաչումն է: Յ. Օշական մեզի տուաւ այդ ինքնաճանաչման բանալիները: Օշական կարդալու ընթացքին դուն ինքդ հոգեբանօրէն կը վերափոխուիս, այսինքն ինքզինքդ կը ճանչնաս:
Եւ գործ ունենալ այսպիսի հեղինակի մը հետ, ինչպէս որ գործ ունի Պօղոս Սնապեանը, այդ մէկը ինքնին մեծագործութիւն է: Որքա՛ն ճիգ ու ջանք պէտք է Օշական կարդալու, խմբագրելու եւ հրատարակելու: Ես խորապէս շնորհակալ եմ իր գոյութեան համար: Ինքը այդ գործով իսկ իր անունը յաւերժապէս կապած է Յակոբ Օշականի հետ եւ անոր նման եւ անոր հետ պիտի անմահանայ: Փա՛ռք այդպիսի աշակերտին եւ փա՛ռք այդպիսի ուսուցիչին, որ Յակոբ Օշականը եղած է:
«Ա.».– Յակոբ Օշականեն զատ ուրիշ ո՞ր սփիւռքահայ գրողները ծանօթ են ու սիրելի ձեզի համար:
Կ. Ա.– Ինծի համար նաեւ սիրելի են Կոստան Զարեանը, Շահան Շահնուրը, ինչպես նաեւ իմ խառնուածքին խորապէս հարազատ է Վազգէն Շուշանեանը: Վերջինս քիչ մը աւելի անմիջական, աւելի տաք է, աւելի ջերմ է: Կը կարծես, թէ իրեն հետ շնչառութիւնդ կ’արագանայ: Խորհրդային Հայաստանի անցումային շրջանի (1920-ական թուականներէն մինչեւ 1930 – 1940-ական թուականները) մասին մենք մեծ գրականութիւն չունեինք, բայց այդ գրականութեան պակասը կու գայ լրացնելու Կոստան Զարեանի «Բանկօօպը եւ Մամութի ոսկորները» վէպը:
Կոստան Զարեան եւրոպական մտածողութեան տէր մեծ մտաւորական է: Բայց վերջին հաշուով այս գրողները իրենց գաղափարներով խորապէս կապուած են ազգային արմատներուն: Պատահական չէ, որ խորհրդահայ գրողներուն մէջէն Յակոբ Օշական իր սիրոյ ամէնէն մեծ զգացումը արտայայտեց Ակսել Բակունցի նկատմամբ, պատահական չէ, որ մեթոտի ընտրութեան գործին մէջ Օշական կը վկայակոչէր Խաչատուր Աբովեանի օրինակը: Յակոբ Օշական ինքը իր ստեղծագործութեամբ զարմանալի հանրագիտարան է:
Ես Եղիշէ Չարենց կը սիրեմ, որովհետեւ ան վառուած է ազգային կրակով, Վահան Տէրեան կը սիրեմ, Պետրոս Դուրեան կը սիրեմ: Ասոնք ուրիշ երեւոյթներ են: Ես հայ գրականութեան մասնագէտ եմ եւ հայ գրականութիւն կը սիրեմ: Ի հարկէ, այդ գրականութեան մէջ ես ունիմ իմ առանձնայատուկ սէրերս, որոնց մասին ես խօսեցայ, բայց մեր գրականութիւնը՝ թէ՝ արեւմտահայ, թէ՝ արեւելահայ գրականութիւնը, վերջին հաշուով հայ ժողովուրդի ճակատագիրին խտացումն է: